Pan Armenian Council of Western USA
March 27, 2020
FOR IMMEDIATE RELEASE
Statement of Unity and Strength by the Pan Armenian Council of Western USA
LOS ANGELES, CA – The Pan Armenian Council of Western United States of America (PAC-WUSA) has been in consultations with representatives of its member organizations to assess the situation, in light of the public health crisis, and receive reports about ongoing relief efforts. PAC-WUSA and its member organizations stand in solidarity with all of humanity in an effort to confront and defeat the current pandemic.
The health and well-being of the Armenian nation – the countries of Armenia and Artsakh, and communities across our diaspora – are priceless. The life of every Armenian is precious.
Here in southern California, we extend our love, concern, and good wishes to members of the Armenian community. We advise members of our community to abide by all federal, state, and local government orders and restrictions. We echo the guidelines of public health institutions and urge members of our community to shelter at home and follow social distancing.
It has been brought to PAC-WUSA’s attention that there are individuals who are attempting to take advantage of the current crisis by falsely portraying themselves as charitable organizations collecting funds to assist those in need at this time. We recommend that members of our community be vigilant and not fall victim to scams and fraudulent activity. When in doubt, do not give in to such demands. Ask the authorities or someone who you trust to determine the legitimacy of those soliciting donations.
Rest assured, many of PAC-WUSA’s member organizations are providing emergency assistance and resources to individuals and families in need. We encourage our community to join such efforts, and especially assist those who are most vulnerable.
This week’s passage of $2 trillion in emergency relief funds by the United States government will, among other things, provide a one-time payment of $1,200 to each adult and up to $3,000 per family. If you or your family members require access to information or resources, please reach out to our community’s charitable, medical, advocacy or organizations, which are ready to provide valuable assistance and address your concerns. In a subsequent communique, PAC-WUSA will release a list of helpful online links for available government and charitable resources.
Now is the time for our nation to unify, from a distance, and share the inspiring stories of community good. Now is the time to check in on our elders and parents, and to thank everyone on the front lines of this crisis – doctors, nurses, paramedics, pharmacists, sanitation workers, truck and delivery drivers, and owners of markets and restaurants – who work diligently and remind us that staying home is a necessary and serious life-saving measure.
While you and your family are safe at home and as a friendly reminder, March and April 2020 are designated as ideal months to complete the 2020 U.S. Census for your entire household. We encourage members of our community to take advantage of this period at home and submit the Census form by following the recommendations of HyeCount. For additional information about the 2020 Census, visit HyeCount.org online.
The PAC-WUSA wishes you and your family members good health, strength, safety, and vigilance. We will overcome this crisis together and be stronger than ever.
Pan Armenian Council of Western United States of America and its member organizations.
Armenian Assembly of America
Armenian Bar Association
Armenian Catholic Eparchy of Our Lady of Nareg of North America
Armenian Democratic Liberal Party Western District
Armenian General Benevolent Union, Western District
Armenian Evangelical Union of North America
Armenian Missionary Association of America
Armenian National Committee of America, Western Region
Armenian Relief Society of Western USA
Armenian Revolutionary Federation of Western USA
Armenian Society of Los Angeles – Iranahay Miutyun
Armenian Youth Association of California – Irakahay Miutyun
Armenian Youth Federation of Western USA
Hamazkayin Armenian Educational and Cultural Society of the Western USA
Homenetmen Western USA
Iraqi Armenian Family Association of Los Angeles
Kessab Educational Association
Organization of Istanbul Armenians
Service Employees International Union – Armenian Caucus
Southern California Armenian Democrats
Tekeyan Cultural Association
Unified Young Armenians
Western Diocese of the Armenian Church of North America
Western Prelacy of the Armenian Apostolic Church of America
Միասնութեան Եւ Զօրութեան Յայտարարութիւն՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդին Կողմէ
Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդի (PAC-WUSA) անդամ կազմակերպութիւնները մնայուն խորհրդակցութեան մէջ են այս օրերուն, երկրին մէջ ստեղծուած հանրային առողջապահական տագնապին եւ այդ ուղղութեամբ տարուող ժողովուրդին օժանդակելու ջանքերու լոյսին տակ: Այս առիթով, խորհուրդը եւ իր անդամ կազմակերպութիւնները ամբողջական զօրակցութիւն կը յայտնեն համայն մարդկութեան՝ այս համաճարակը դիմակայելու եւ զայն յաղթահարելու իր ճիգերուն մէջ:
Հայ ժողովուրդի առողջութիւնը եւ բարեկեցութիւնը՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի տարածքին գերագոյն արժէք են: Թանկագին է իւրաքանչիւր հայու կեանքը:
Մեր սէրը, գուրգուարնքը եւ բարեմաղթութիւնները կը փոխանցենք հարաւային Քալիֆորնիոյ մեր համայնքի իւրաքանչիւր անդամի: Կը յորդորենք մեր համայնքի անդամները՝ բծախնդրութեամբ հետեւելու դաշնակցային, նահանգային եւ տեղական իշխանութիւններուն ցուցմունքներուն: Այս առիթով, նաեւ կ՛ուզենք արձագանգել առողջապահական պատկան իշխանութիւններուն՝ տունը մնալու եւ ընկերային հեռաւորութիւն պահելու թելադրանքներուն:
Այս խորհուրդին ուշադրութեան յանձնուեցաւ, որ առանձին անհատաներ, փորձելով շահագործել այս տագնապը՝ հանդէս կու գան՝ իբրեւ բարեգործական կազմակերպութիւններ եւ նուիրատուութիւններ կը հաւաքեն իբրեւ թէ օգնելու համար կարիքաւոր հայերու: Մեր յանձնարարութիւնն է՝ ըլլալ զգօն, զոհ չդառնալու համար նման խարդախութիւններու: Երբ կասկածներ ունենաք՝ մնացէք հեռու նման ծուղակներէ եւ դիմեցէք պատկան իշխանութիւններուն կամ վստահելի անձնաւորութիւններու՝ ստուգելու համար ձեզի դիմողներուն օրինականութիւնը:
Վստահ եղէք, որ խորհուրդին անդամ կազմակերպութիւններէն արդէն իսկ օժանդակութիւն կը մատուցուին կարիքաւոր ընտանիքներու եւ անհատներու: Մեր փափաքն է, որ մեր համայնքի անդամները զօրավիգ կանգնին կարիքաւորներուն օգնութեան հասնելու՝ անոնց գործին:
Այս շաբաթ, Դաշնակցային կառավարութեան կողմէ ընդունուած 2 եռիլիոն գումարի օժանդակութեան ծրագիրով, այլ նպատակներու տրամադրուած գումարներուն կողքին, իւրաքանչիւր չափահաս պիտի ստանայ 1200 տոլարի, իսկ ընտանիքներու պարագային մինչեւ 3000 տոլարի դրամական նպաստ: Եթէ դուք կամ ձեր ընտանիքը այս մասին որեւէ տեղեկութիւններու կամ բացատրութիւններու կարիքը ունիք՝ կը յորդորենք, որ կապ պահէք համայնքի բարեգործական կազմակերպութիւններուն հետ, որոնք պատրաստ են խորհրդատուական օժանդակութիւն տրամադրելու: Համահայկական Խորհուրդի յաջորդ հաղորդագրութիւններով ձեզի պիտի տրամադրենք կառավարական կամ բարեգործական կազմակերպութիւններու կայքային տեղեկութիւնները:
Հիմա է ժամանակը ազգովին միասնակամ ըլլալու եւ մեր համայնքին արժանիքները կիսելու: ժամանակն է հիմա մեր տարեցներուն եւ ծնողքներուն խնամելու ու երախտապարտ ըլլալու բժիշկներուն, բուժքոյրերուն, առաջին օգնութեան աշխատակիցներուն, դեղագործներուն, աղբահաւաքներուն, մատուցողներուն եւ նպարավաճարներուն, որոնք անձնազոհաբար կը գործեն եւ կը յիշեցնեն մեզի տունը մնալու անհրաժեշտութիւնը:
Ձեր եւ ձեր ընտանիքը ապահով տունը ըլլալու առիթով կ՛արժէ յիշեցնել, որ այս տարուան Մարտ եւ Ապրիլ ամիսներուն նախատեսուած, Միացեալ Նահանգներու 2020ի Մարդահամարի հարցարանը լրացնէք: Կը քաջալերենք մեր հայրենակիցները, որ տունը ըլլալու պատեհ առիթը օգտագործելով՝ լրացնեն մարդահամարի հարցարանը, հետեւելով HyeCount-ի թելադրանքներուն: 2020ի Մարդահամարին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելեցէք HyeCourt.org կայքը:
Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդը առողջութիւն, զօրութիւն եւ ապահովութիւն կը մաղթէ ձեզի եւ ձեր ընտանիքին: Միասնաբար պիտի յաղթահարենք այս տագնապը եւ դուրս գանք անկէ աւելի զօրաւոր՝ քան որեւէ ժամանակ:
Հայաստանեաց Արաքելական Եկեղեցի Արեւմտեան Թեմ
Հիւսիսային Ամերիկայի Տիրամայր Նարեկի Հայ Կաթողիկէ Թեմ
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն
Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջան
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Oգնութեան Միութիւն
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն, Արեւմտեան Շրջան
Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւն
Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն, Արեւմտեան Նահանքներու Շրջան
Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւն
Թէքէեան Մշակութային Միութիւն
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն
Միացյալ Հայ Երիտասարդներ
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբ
Ամերիկայի Հայկական Համագումար
Հայ Իրաւաբանական Միութիւն
Պոլսահայ Միութիւն
Լոս Անճելըսի Իրանահայ Միութիւն
Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց Միութիւն
Լոս Անժելեսի Իրաքահայերու Ընտանեկան Միութիւն
Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութիւն
Ծառայողական Աշխատողներու Միջազգային Միութիւն
Հարաւային Գալիֆորնիոյ Հայ Դեմոկրատներ