FOR IMMEDIATE RELEASE
HyeAid Lebanon Fundraising and Telethon a Major Success
LOS ANGELES, CA – The Pan-Armenian Council of the Western United States is immensely grateful to the Armenian-American Community for its outpouring of generous support to our August 30th HyeAid Lebanon fundraising telethon under the theme of “One Nation, One Future.”
In a short four-week period and during a telethon that lasted for only three hours, an impressive total of $1,375,555.00 was pledged. To date, 85 percent of this amount has been received, with the balance expected to arrive shortly. An initial transmittal of $500,000.00 has already been made to the special banking account that has been assigned by His Holiness Catholicos Aram I to be transferred to the Lebanese-Armenian Reconstruction Committee.
The total expenses incurred while realizing the fundraising – including social media advertising, technical and production support for the telethon, portal and credit card processing fees, and other telethon related charges – are $44,272.00. We recognize that this amount would have been far greater had it not been for the countless hours that our tireless community volunteers put into the effort. Their selfless dedication has been immensely inspirational and invaluable.
Our united community has risen once again, and once again has exhibited its vigilance and generosity for the greater good of our national priorities.
The Pan-Armenian Council shall continue to remain vigilant in support of all Armenians in need, wherever they may be and whenever the necessity warrants.
PAN ARMENIAN COUNCIL OF THE WESTERN UNITED STATES OF AMERICA
HyeAid Lebanon-ի դրամահաւաքի եւ թէլէթոնի աննախընթաց յաջողութիւնը
Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Համահայկական Խորհուրդը խորապէս երախտապարտ է իր բոլոր ազգակիցներուն, «Մէկ Ազգ, Մէկ Ապագայ» թեմայով ու HyeAid Lebanon-ի անուան տակ կազմակերպուած դրամահաւաք-թէլէթոնի ընթացքին իրենց ցուցաբերած աջակցութեան համար:
Կարճ ժամանակուան մէջ կազմակերպուած նուիրահաւաքը, որուն թագադրումը եղաւ ընդամէնը երեք ժամուան թէլէթոնը, գոյացուց 1,375,555.00 տոլար: Մինչեւ օրս, արդէն իսկ ստացուած է նշուած գումարին 85 տոկոսը, ու լիայոյս ենք որ մնացեալ խոստումները կ՛ամբողջանան շուտով:
Այսու կը տեղեկացնենք թէ 500,000.00 տոլարի սկզբնական գումար մը արդէն իսկ փոխանցուած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառի յանձնարութեամբ հաստատուած Լիբանանահայութեան Վերականգնումի Յանձնախումբի յատուկ դրամատնային հաշուին:
Դրամահաւաքը իրականացնելու աշխատանքներուն ընթացքին կատարուած ընդհանուր ծախսերը- ներառեալ ընկերային ցանցերու վրայ զետեղուած գովազդներ, թէլէթոնի պատրաստութեան գիտարուեստական եւ արտադրական ծախսեր, վարկային քարտի գործառնութեան ծախսեր, թէլէթոնին վերաբերող այլեւայլ ծախսեր- 44,272.00 տոլար կը կազմեն:
Գիտակից ենք, որ ծախսերու այս գումարը շատ աւելի մեծ կ’ըլլար, եթէ չըլլային մեր համայնքի կամաւորներու հսկայական օժանդակութիւնը: Անոնց անձնուրաց նուիրուածութիւնը ոգեշնչող եւ անգնահատելի էր:
Լիբանանահայութեան օգտին մեր համախմբուած համայնքը, անգամ մը եւս եկաւ ցոյց տալու իր զգօնութիւնն ու առատաձեռնութիւնը յանուն մեր ազգի բարօրութեան:
Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդս կու գայ վերահաստատելու իր եւ իր անդամ կառոյցներու անվերապահ յանձնառութիւնը իր գոյութեան իմաստն ու նպատակը հանդիսացող համահայկական օրակարգին, որուն անմիջական մասը կը կազմէ աջակցութիւնը ազգի բոլոր հատուածներու կարիքներուն ամէնուրէք:
Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդ