The Pan Armenian Council of Western United States (PAC-WUS) and its member organizations stand in solidarity with the people of Armenia and its Armed Forces against the attempts of transgression by Azerbaijan’s military onto territories of the Republic of Armenia.
The PAC-WUS also condemns the statement of the Turkish Ministry of Foreign Affairs in support of the Azerbaijani attacks against the civilian villagers of Armenia.
Turkey and Azerbaijan have for decades utilized a policy of geopolitical and economic isolation of Armenia. We view these latest attacks on the territorial integrity of Armenian lands as escalation of their efforts to break the will and resolve of peace loving people of Armenia and Artsakh, and of the worldwide Armenian Diaspora.
The PAC-WUSA and the tens of thousands of its members renew the pledge to support Armenia, in defense of our homeland by any and all means necessary.
Pan Armenian Council of Western United States of America and its member organizations.
Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական Խորհուրդը Կը Զօրակցի Հայաստանի Ժողովուրդին Եւ Կը Դատապարտէ Ատրպէյճանի Յարձակումը
Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդը եւ իր անդամ կազմակերպութիւնները իրենց զօրակցութիւնը կը յայտնեն Հայաստանի ժողովուրդին եւ անոր բանակին՝ դատապարտելով Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն ներս Ատրպէյճանի բանակին կատարած յարձակումը:
Համահայկական խորհուրդը նաեւ կը դատապարտէ Հայաստանի գիւղացիներուն վրայ ատրպէյճանական յարձակումին զօրակցելու` Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը:
Թուրքիա եւ Ատրպէյճան տասնամեակներէ ի վեր կը վարեն Հայաստանը աշխարհաքաղաքականօրէն եւ տնտեսապէս մեկուսացնելու քաղաքականութիւնը եւ Հայաստանի հողային անձեռնմխելիութեան սպառնացող նորագոյն այս յարձակումը կը նկատենք Հայաստանի եւ Արցախի, ինչպէս նաեւ Հայկական Սփիւռքի խաղաղասէր ժողովուրդին կամքը ճզմելու փորձ մը:
Արեւմտեան Ամերիկայի Համահայկական խորհուրդս եւ տասնեակ հազարաւոր անդամները կը խոստանանք ամէն գնով նեցուկ կանգնիլ Հայաստանին եւ մեր հայրենիքի պաշտպանութեան գործին:
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ